Որոնել

2025.03.24 Messa Patriarca Maronita Card.Bechara Rai. (Bkerke - Libano- domenica 23 marzo 2025)

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանանը փակեց քաղաքացիական պատերազմի էջը, Եւ այսօր կը փակէ օրինականութենէն դուրս գալու էջը»

«Ան, որ սխալներէն չի սորվիր, զայն կը կրկնէ, եւ այսուհետեւ կրկնութեան ժամանակ չկայ, որովհետեւ Լիբանանը կարիք ունի իր պատմութեան արժանի ապագայի մը», նշեց Ռայի պատրիարքը:
Ունկնդրէ լուրը

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը Ծաղկազարդի տօնի իր քարոզին մէջ նշեց. «Այսօրուան թուականը` 13 ապրիլ 2025-ը Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմի ծագման 50-ամեակն է, եւ ատիկա պատերազմն է, որ լիբանանցիներուն կեանքերը, մանկութիւնն ու երիտասարդութիւնը յօշոտեց, աղաւաղեց Լիբանանի հետ եւ իրարու հետ անոնց յարաբերութիւնները»:

Ան նշեց, որ Լիբանան փակեց քաղաքացիական պատերազմի էջը, եւ այսօր կը փակէ օրինականութենէն դուրս գալու եւ անոր դէմ պայքարելու էջը: Սակայն էջերու փակումը բաւարար չէ, որովհետեւ պէտք է սերտել այն իրողութիւնը, որ երկիրը այս կացութեան հասցուց:

«Ան, որ սխալներէն չի սորվիր, զայն կը կրկնէ, եւ այսուհետեւ կրկնութեան ժամանակ չկայ, որովհետեւ Լիբանանը կարիք ունի իր պատմութեան արժանի ապագայի մը», նշեց Ռայի պատրիարքը:

Ան կոչ ուղղեց վերստին ուսումնասիրելու այն, ինչ տեղի ունեցաւ, եւ հաշտուելու ու անկեղծանալու, որպէսզի շրջանցենք ներկայ փուլը, ինչպէս որ այլ պետութիւններ յաջողեցան այդ մէկը կատարել:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/04/2025, 07:47