Որոնել

2025.04.17   Inaugurazione nuovo centro dei giovani cattolici armeni

Ս. Փրկիչ Ժողովրդապետութեան. ՀԿՄ երիտասարդականի վերականգնում

Նոր թափ մը տալու համար միութիւնը կարիք ունէր կեդրոնի մը, եւ այդպիսով կիրակի, 6 ապրիլ 2025-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, երիտասարդական ս. պատարագէն ետք, բացումը կատարուեցաւ նոր կեդրոնին, որ անուանուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ եւ Զմմառու միաբան «Ս. Իգնատիոս Մալոյեան»-ի անուամբ (նախքան անոր սրբադասման արարողութիւնը):

Պատմական կարճ ակնարկ

1928-ին ծնունդ կ՛առնէ Պուրճ Համուտի ՀԿՄ երիտասարդականը, Նոր Մարաշ թաղամասին մէջ գտնուող «Ալիշան» կեդրոնին մէջ, իր երկու մասնաճիւղերով` արական բաժինը ՀԿԵՄ եւ իգական բաժինը ՀԿՕՄ անուններով: 1953-ին, երբ կը կառուցուի Ս. Փրկիչ եկեղեցին կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան կաթողիկոսի եւ Պօղոս վրդ. Արիսի ջանքերով, երիտասարդութիւնը կը հաստատուի սոյն ժողովրդապետութեան մէջ: 1970-ական թուականներուն միութիւնները կը միանան եւ կը վերակոչուին ՀԿՄ երիտասարդական: 2012 թուականին միութիւնը կը դադրի գործելէ, եւ եկեղեցւոյ երիտասարդական թոքը անշունչ կը մնայ:

Վերականգնում

12 տարիներու երկար դադարէ մը ետք, Պուրճ Համուտի ՀԿՄ երիտասարդականը կրկին անգամ իր դռները լայն կը բանայ դիմաւորելու համար Ս. Փրկիչ ժողովրդապետութեան պատկան բոլոր երիտասարդները:

15 հոկտեմբեր 2024-ին, տեղւոյն ժողովրդապետ Սահակ վրդ. Քէշիշեան, խորհրդակցելէ ետք ՀԿՄ երիտասարդականի վերջին վարչութեան անդամներուն հետ, կոչ կ՛ուղղէ ժողովրդապետութեան ներկայի ծառայասէր երիտասարդներուն` կրկին անգամ վերականգնելու սոյն միութիւնը: Այսպիսով, 21 նոյեմբեր 2024-ին ծնունդ կ՛առնէ նոր վարչութիւնը` իր տարբեր յանձնախումբերով. ատենապետ եւ ընկերային յանձնախումբի պատասխանատու` Աւօ Գարաքէշիշեան, փոխատենապետ` Սանահին Թովմասեան, ատենադպիր, արտաքին յարաբերութիւններու եւ տոմարային յանձնախումբի պատասխանատու` Գարոլ Հաճընլեան, հաշուապահ` Սարգիս Աբգարեան, գանձապահ` Կասիա Լեւոնեան, մշակութային յանձնախումբի պատասխանատուներ` Յովիկ Գըլընճիպաշեան եւ Կասիա Լեւոնեան, ընկերատնտեսական յանձնախումբի պատասխանատու` Լոռի Եթերեան, դաստիարակչական յանձնախումբի պատասխանատու` Մեղրի Չերչեան, մարզական յանձնախումբի պատասխանատուներ` Էլի Փիլաւճի ու Խաչիկ Սերոբեան, եւ հոգեւոր վարիչ` Սահակ վրդ. Քէշիշեան:

2 յունուար 2025-ին նոր վարչութիւնը առաջին հերթին այցելեց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարքին, որ իր հայրապետական օրհնութիւնը շնորհեց նոր վարչութեան:

Նորակազմ վարչութիւնը առաջնահերթութեամբ կազմակերպեց հանրութեան ծանօթացման ձեռնարկներ եւ հանդիպումներ:

Առաջին հանդիպումը` 2 մարտ 2025-ին, 140-է աւելի երիտասարդներ համախմբուելով «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ, արտայայտեցին իրենց ակնկալիքներն ու առաջարկները սոյն միութենէն:

2 ապրիլ 2025-ին պատուիրակութիւն մը պաշտօնապէս այցելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հայ նախարարին` դոկտ. Նորա Պայրագտարեան:

Բացում

Նոր թափ մը տալու համար միութիւնը կարիք ունէր կեդրոնի մը, եւ այդպիսով կիրակի, 6 ապրիլ 2025-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, երիտասարդական ս. պատարագէն ետք, բացումը կատարուեցաւ նոր կեդրոնին, որ անուանուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ եւ Զմմառու միաբան «Ս. Իգնատիոս Մալոյեան»-ի անուամբ (նախքան անոր սրբադասման արարողութիւնը):

Ս. պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Սահակ վարդապետ, եւ սուրբ արարողութեան ընթացքին նուագեցին խումբ մը տաղանդաւոր երիտասարդներ` տարբեր նուագարաններով:

Ս. զոհի աւարտին Գրիգոր եպս. Պատիշահի եւ երիտասարդ կղերական դասին ձեռամբ բացումը կատարուեցաւ «Ս. Իգնատիոս Մալոյեան» մարզամշակութային կեդրոնին:

1928-էն սկսած միութիւնը կը հաղորդէ, որ վճռական է շարունակելու երթը` նոյն տեսլականով եւ նոյն նպատակով, միշտ կրկնելով սոյն բնաբանը` «Երիտասարդ է մեր եկեղեցին»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2025, 08:04