Որոնել

AZERBAIJAN-ARMENIA-KARABAKH-CONFLICT

Միացեալ Նահանգներու Կրօնական Ազատութեան 2025-ի զեկուցումը անդրադարձած է Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ հայկական յուշարձաններու ոչնչացման շարունակուող դէպքերուն

Զեկուցումին սկիզբը կը նշուի, որ Ազրպէյճանի մէջ կրօնական ազատութիւնը կը գտնուի վատթար վիճակի մէջ: Անիկա նաեւ կ՛ընդգծէ Արցախի հայկական յուշարձաններու ոչնչացման դէպքերը` ի մասնաւորի նշելով, որ «Կովկասեան ժառանգութեան մշտադիտարկում» կազմակերպութիւնը արբանեակային նոր տուեալներ հրապարակած է Արցախի մէջ եւ անոր շուրջ կրօնական ժառանգութեան վտանգուած վայրերու վերաբերեալ` հրապարակելով ժառանգութեան ոչնչացման նոր դէպքերու մասին, ներառեալ 19-րդ դարու եկեղեցի, երկու գերեզմանոց եւ այլ մշակութային արժէքներ:

2025 թուականի Միացեալ Նահանգներու կրօնական ազատութեան տարեկան զեկուցումի 46-48-րդ էջերը ամբողջութեամբ նուիրուած են Ազրպէյճանի մէջ կրօնական ազատութեան խախտումներուն, ինչպէս նաեւ հայկական յուշարձաններու ոչնչացման եւ այլ խնդիրներուն: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում կատարող «Մոնիւմընթուաչ» կայքը:

Զեկուցումին սկիզբը կը նշուի, որ Ազրպէյճանի մէջ կրօնական ազատութիւնը կը գտնուի վատթար վիճակի մէջ: Անիկա նաեւ կ՛ընդգծէ Արցախի հայկական յուշարձաններու ոչնչացման դէպքերը` ի մասնաւորի նշելով, որ «Կովկասեան ժառանգութեան մշտադիտարկում» կազմակերպութիւնը արբանեակային նոր տուեալներ հրապարակած է Արցախի մէջ եւ անոր շուրջ կրօնական ժառանգութեան վտանգուած վայրերու վերաբերեալ` հրապարակելով ժառանգութեան ոչնչացման նոր դէպքերու մասին, ներառեալ 19-րդ դարու եկեղեցի, երկու գերեզմանոց եւ այլ մշակութային արժէքներ:

Իսկ յունիս 2024-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղակայուած «Ֆրիտըմ Հաուզ» կազմակերպութիւնը հրապարակած է, թէ Ազրպէյճանը 2020 եւ 2023 թուականներու զինուորական գործողութիւններուն ընթացքին իրագործած է «համապարփակ, համակարգուած ռազմավարութիւն` Լեռնային Ղարաբաղը հայ ազգաբնակչութենէն եւ պատմամշակութային ներկայութենէն դատարկելու ուղղութեամբ»: Կազմակերպութիւնը այս գործողութիւնները գնահատած է իբրեւ պատերազմական յանցագործութիւններ եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած է յանցագործութիւններ:

Զեկուցումը նաեւ անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու քայլերուն` նշելով, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է շարունակէ Ազրպէյճանը պահել Յատուկ վերահսկման ցանկի վրայ` համաձայն Կրօնական ազատութեան միջազգային օրէնքի, այն հիմով, որ պետութիւնը կ՛արտօնէ կրօնական ազատութեան լուրջ խախտումներ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2025, 08:46