Որոնել

2025.04.17 Messa della festa di Risurrezione Scuola Mesrobian

Մեսրոպեան Վարժարանի Կրթական Ընտանիքը Տօնեց Սուրբ Յարութիւնը

Պատարագին ընթացքին, ուսուցիչներ ընթերցեցին դիտաւորական գրութիւններ, որոնք վեր բերին Սուրբ Յարութեան խոր իմաստը՝ յոյսի, յաղթանակի եւ վերածնունդի պատգամը։ Այդ ընթերցումները եկեղեցւոյ մթնոլորտը լեցուցին ապրող խոկումի եւ երախտագիտութեան մթնոլորտով։
Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Յարութեան տօնին ընդառաջ, Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի կրթական ընտանիքը շուքով եւ երկիւղածութեամբ մասնակցեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, զոր մատուցանեց վարժարանի հոգեւոր տեսուչ, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Սահակ վարդապետ Քէշեշիեան։

Այս հանդիսաւոր առիթով տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի յուզիչ արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան աւարտական դասարանի աշակերտները՝ իբրեւ խորհրդանիշ խոնարհութեան, ծառայութեան եւ իրարու հանդէպ սիրոյ այն օրինակին, որ մեզի կտակեց մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս Ինք՝ վասն զի «որ մեծ է ձեր մէջ, եղիցի ձեզ ծառայ»։

Պատարագին ընթացքին, ուսուցիչներ ընթերցեցին դիտաւորական գրութիւններ, որոնք վեր բերին Սուրբ Յարութեան խոր իմաստը՝ յոյսի, յաղթանակի եւ վերածնունդի պատգամը։ Այդ ընթերցումները եկեղեցւոյ մթնոլորտը լեցուցին ապրող խոկումի եւ երախտագիտութեան մթնոլորտով։

Մեսրոպեանի ուսուցիչները նաեւ ծառայեցին խորանը՝ իրենց ներկայութեամբ ընդգծելով, թէ կրթութիւնը միայն գիտելիքի փոխանցում չէ, այլ հոգեկերտում։

Սուրբ Յարութիւնը մեզ կը յիշեցնէ, որ խաչի տառապանքին ետին միշտ կայ յարութեան ու փրկութեան լոյսը։ Մեսրոպեան կրթական ընտանիքը, այս հաւաքական աղօթքով ու ներկայութեամբ, վերանորոգեց իր հաւատքը՝ ապրելու սիրոյ, հաւատարմութեան եւ վերածնունդի ուղին։

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։ Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի։

Աղբիւրը` Մեսրոպեան Վարժարան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2025, 12:26