++ Il Papa, la tregua sia rispettata, si lavori ai 2 Stati ++

Մարդուն թերութեան Աստուած միշտ կը համապատասխանէ առատութեամբ. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Մեր կեանքի հարսանիքի ընթացքին եւս շատ անգամ կը նկատենք թէ գինին պակաս է։ Այս կը պատահի երբ մտահոգութիւնները մեզ կը շրջապատեն, երբ վախերը մեզ կը պարուրեն ու չարին կործանիչ ուժերը մեզմէ կը խլեն կեանքին անուշութիւնը, ուրախութեան յուզմունքը և յոյսին համը» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ «այս պակասին դիմաց Տէրը մեզի կու տայ առատութեամբ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի` 18 Յունուար 2025-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, մասնակցութեան Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած հազարաւոր ուխտաւորներու։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը օրուան խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Յովհաննէսի Աւետարանէն քաղուած Կանայի Հարսանիքի ընթացքին Յիսուսին կատարած առաջին հրաշքին վրայ` երբ Ան ջուրը գինիի վերածեց։

«Այս դրուագը կը կանխէ եւ կ՛ամփոփէ Յիսուսին համայն առաքելութիւնը...Յիսուս Փեսան է` որ եկած է իր սիրոյն «ընտիր գինին» բերելու, որպէսզի նորոգէ Աստուծոյ եւ մարդկութեան միջեւ դաշինքը», ըսաւ խորհրդածութեան սկիզբը Սրբազան Պապը շեշտը դնելով դրուագի երկու կարեւոր կէտերու վրայ. Պակասը եւ գերառատութիւնը։

«Մէկ կողմէն գինին կը պակսի եւ Մարիամ իր Զաւկին կ՛ըսէ «գինի չունին»։ Միւս կողմէն Յիսուս կը միջամտէ եւ կարասները մինչեւ բերան կը լեցուին եւ Սեղանապետը փեսային կ՛ըսէ. «Ամէն մարդ աղէկ գինին առաջ կը մատուցանէ ու երբ խմած ըլլան, այն ատեն ստորնագոյնը. բայց դուն աղէկ գինին մինչեւ հիմա պահած ես»։

«Աստուծոյ նշանը գերառատութիւնն է» ըսաւ Սրբազան Պապը յղում կատարելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի, Յիսուս Նազովրեցի հատորի խօսքերուն ու նշեց որ «Մարդուն պակասին Աստուած միշտ կը պատասխանէ գերառատութեամբ»։

«Մեր կեանքի հարսանիքի ընթացքին եւս շատ անգամ կը նկատենք թէ գինին պակաս է։ Այս կը պատահի երբ մտահոգութիւնները մեզ կը շրջապատեն, երբ վախերը մեզ կը պարուրեն ու չարին կործանիչ ուժերը մեզմէ կը խլեն կեանքին անուշութիւնը, ուրախութեան յուզմունքը և յոյսին համը» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ «այս պակասին դիմաց Տէրը մեզի կու տայ առատութեամբ»։

Քահանայապետը խորհրդածութիւնը աւարտեց հրաւիրելով աղօթելու Սուրբ Կոյս Մարիամին, «որպէսզի բարեխօսէ մեզի համար, այս Յոբելենական տարւոյն ընթացքին», եւ «օգնէ վերագտնելու մեր Տիրոջ Յիսուսին հետ հանդիպումի ուրախութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/01/2025, 12:12

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >