Որոնել

Հիւանդներու ու առողջապահական աշխարհին յոբելեանը Հիւանդներու ու առողջապահական աշխարհին յոբելեանը  (Vatican Media)

Թող լռեն զէնքերը եւ վերսկսի երկխօսութիւնը։ Կ՛աղօթեմ հիւանդներուն ու անոնց հոգ տանողներուն համար. Ֆրանչիսկոս Պապ

Այսօր եւս տարածուեցաւ Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին առիթով պատրաստուած Ֆրանչիսկոս Պապին գրաւոր խորհրդածութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 6 Ապրիլի կէսօրին, ինչպէս նախորդ կիրակիները, հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին համար պատրաստած գրութիւնը, որուն սկիզբը Ան կը մատնանշէ օրուան Աւետարանական հատուածին (Յովհ 8,1-11), որ կը խօսի շնացող կնոջ մասին, զոր Յիսուս կը փրկէ քարկոծումէն, անոր վերադարձնելով կորսուած գեղեցկութիւնը»։ Ան ինկած էր մոխիրին մէջ եւ Յիսուս այդ մոխիրին վրայ մատը անցնելով անոր համար կը գրէ նոր պատմութիւն մը։ Անիկայ Աստուծոյ մատն է որ իր զաւակները կ՛ազատէ ու չարէն կը փրկէ»։

Տիրոջ սէրը թող հասնի բոլոր հիւանդներուն ու առողջապահական աշխարհի գործիչներուն

«Սիրելիներ` այնպէս ինչպէս հիւանդանոցին մէջ այժմ եւս այս ապաքինման ընթացքին ես կը զգամ Աստուծոյ մատը ու կը փորձարկեմ անոր հոգատար շոյանքը։ Հիւանդներու եւ առողջապահական աշխարհի Յոբելեանին առիթով, Տիրոջմէ կը հայցեմ` որ այս իր սիրոյն հպումը հասնի բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին ու քաջալերէ անոնք` որոնք հոգ կը տանին անոնց» գրած է Սրբազան Պապը տարածուած գրութեան մէջ ուր նաեւ աղօթքները ապահովեցուցած է բժիշկներուն, հիւանդապահներուն ու առողջապահական գործիչներուն, որոնք «միշտ ալ կարելիութիւնը չունին աշխատելու պատշաճ պայմաններու մէջ ու յաճախ կը դառնան նախայարձակումներու թիրախ», նշած է Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով որ անոնց առաքելութիւնը դիւրին չէ ու պէտք է զայն յարգել ու անոր աջակցիլ։

Անհրաժեշտ ներդումներ բուժման և հետազօտութիւններուն համար

«Յոյսով եմ, որ անհրաժեշտ միջոցներ ներդրուին բուժման և հետազօտութիւններուն համար, որպէսզի առողջապահական համակարգերը ըլլան ներառական և ըլլան ուշադիր` ամենափխրուն և ամենաաղքատներուն նկատմամբ» կը կարդանք Ֆրանչիսկոս Պապին այսօր տարածուած գրութեան մէջ որուն մէջ ան շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ Ռեպիպիա իգական բանտի բանտարկեալներուն, որոնք իրեն նամակ մը յղած են, անոնց ու անոնց ընտանիքներուն հաւաստիացնելով իր աղօթքները։

Մարզանքի համաշխարհային օրն ու եղբայրութիւնը 

«Յանուն խաղաղութեան և զարգացման մարզանքի համաշխարհային օրուան առիթով , յոյսով եմ, որ մարզանքը յոյսի նշան կը դառնայ շատ մը մարդոց համար, որոնք խաղաղութեան և սոցիալական ներառման կարիքը ունին, և շնորհակալ եմ մարզական ընկերակցութիւններուն, որոնք գործնականին մէջ կը դաստիարակեն եղբայրութիւնը» գրած է հուսկ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով շարունակել աղօթել խաղաղութեան համար։ ։

Աղօթք խաղաղութեան համար

«Աղօթենք մարտիրսոս Ուքրանիոյ մէջ խաղակութեան համար, որ թիրախ է յարձակումներու որոնք կը պատճառեն բազմաթիւ անմեղ քաղաքացիական զոհեր, որոնց շարքին նաեւ մանուկներ։ Նոյնը կը պատահի Կազայի մէջ` ուր մարդիկ ստիպուած են ապրելու աներևակայելի պայմաններու մէջ, առանց կացարանի, առանց սնունդի, առանց մաքուր ջուրի: Թող լռեն զէնքերը եւ վերսկսի երկխօսութիւնը։ Ազատ թող արձակուին պատանդները ու օգնութիւն մատուցուի բնակչութեան։ Աղօթենք համայն Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան համար, Սուտանի, հարաւային Սուտանի, Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութեան մէջ, Միանմարի մէջ` որ ծանրապէս վնասուած է նաեւ երկրաշարժի պատճառաւ, ու նաեւ Հայիթիի մէջ, ուր կատաղի բռնութիւնը մի քանի օր առաջ սպանեց երկու մայրապետներ»։

Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզ պահպանէ ու բարեխօսէ մեզի համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/04/2025, 12:00

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >