Մենք պէտք ունինք «քնքշութեան հրաշքին» որ կ՛ուղեկցի անոր, որ փորձանքի մէջ է լոյս տանելով ցաւի խաւարին մէջ. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ի տես Ֆրանչիսկոս Պապի առողջական իրավիճակին ու Մարեմեան աղօթքը գլխաւորելու անոր դժուարութեան, այս կիրակի եւս, 9 Մարտին, հրատարակուեցաւ եւ տարածուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքի գրաւոր խորհրդածութիւնը։
«Անցեալ չորեքշաբթի օր, Մոխրոցի արարողութեամբ, սկսանք Քառասնորդացը, քառասնօրեայ ապաշխարութեան երթուղին, որ մեզ կը կանչէ դէպի սրտի դարձի և կը տանի դէպի Զատկի ուրախութիւնը» գրած է Սրբազան Պապը խորհրդածութեան սկիզբը հրաւիրելով յանձնառու ըլլալ, որպէսզի այս մէկը «ըլլայ մաքրութեան ու հոգեւոր նորոգումի ժամանակ, հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ մէջ աճելու ճանապարհ»։
Կամաւորական աշխարհի Յոբելեանը
Ան ապա ակնարկած է Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ առաւօտեան կայացած պատարագին, որ նուիրուած էր կամաւորական աշխարհին ու հաստատած` որ «մեր ընկերութիւններուն մէջ, որոնք յաճախ ենթարկուած են շուկայի տրամաբանութեան, ուր ամէն ինչ վտանգի կ՛ ենթարկուի շահի և շահոյթ հետապնդելու չափանիշի տակ, կամաւորութիւնը մարգարէութիւն է և յոյսի նշան, որովհետեւ կը վկայէ առատաձեռնութեան, զօրակցութեան և աւելով կարիքաւորներուն ծառայելու առաջնութիւնը»։
Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց կամաւորական աշխարհի անդամներուն, որ հոգ կը տանին ուրիշներուն, անոնց մէջ արթնցնելով յոյսը։
Շնորհակալութիւն բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն
«Եղբայրնե՛ր և քոյրե՛ր, հիւանդանոցին մէջ երկար կեցութեամբս, ես ալ կը զգամ ծառայութեան հոգատարութիւնը և խնամքի քնքշութիւնը, յատկապէս բժիշկներու և բուժ աշխատողներու կողմէ, որոնց ի սրտէ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ» գրած է ապա Նորին Սրբութիւնը Մարեմեան աղօթքի գրաւոր խորհրդածութեան մէջ մտաբերելով նաեւ բազմաթիւ անձերը` որոնք տարբեր ձեւերով մօտ են հիւանդներուն, անոնց համար դառնալով Տիրոջ ներկայութեան նշանը։
Քնքշութեան հրաշքը
«Մենք պէտք ունինք «քնքշութեան հրաշքին» որ կ՛ուղեկցի անոր, որ փորձանքի մէջ է լոյս տանելով ցաւի խաւարին մէջ» հաստատած է հուսկ Նորին Սրբութիւնը ապա շնորհակալութիւն յայտնած է իրեն ցուցաբերուած մօտիկութեան, աղօթքի միջոցաւ, հաւաստիացնելով, որ ինք եւս կ՛աղօթէ անոնց համար ու հոգեպէս կը միանայ բոլոր անոնց- որոնք առաջիկայ օրերուն պիտի մասնակցին Հռոմի Քուրիայի հոգեւոր կրթութեան։
Խաղաղութեան ի սպաս կոչ
«Միասին շարունակենք հայցել խաղաղութեան պարգեւը, մասնաւորապէս մարտիրոս Ուքրանիոյ, Պաղեստինի, Իսրայէլի, Միանմարի, Սուտանի ու Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութեան մէջ։ Մասնաւորապէս, ես մտահոգութեամբ տեղեկացայ Սուրիայի որոշ շրջաններուն մէջ բռնութիւններուն վերսկսման լուրը։ Կը մաղթեմ` որ անոնք դադրին վերջնականապէս, յարգելով հասարակութեան բոլոր էթնիկ և կրօնական բաղադրիչները, յատկապէս քաղաքացիները», կոչ ուղղեց Սրբազան Պապը խորհրդածութեան աւարտին, բոլորը յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական հովանիին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ