Կարդինալներու դասի միաբանական ժողովին յայտարարութիւնները եւ աղօթքի խնդրանքը
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Սուրբ Աթոռի մամուլի գրասենեակի կողմէ հրապարակուած Կարդինալներու միաբանական ժողովի յայտարարութեան մէջ յայտնի կը դառնան վերջին օրերուն քննարկուած երկու ընթացակարգային հարցերու մասին որոշումները, որոնք կը հային պապընտիր ժողովի մասնակցող կարդինալներու թիւին որ ըստ «Universi Dominici Gregis» առաքելական սահմանադրութեան 33րդ յօդուածին սահմանուած են 120-ի ապա Կարդինալ Պեչչուի որոշումին որով կը հրաժարի Քոնքլաւին մասնակցելէ։
«Այն ինչ կը հայի ընտրող Կարդինալներուն, Միաբանական Ժողովը նկատեց` որ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապը, ստեղծելով 120-է աւելի Կարդինալներ, ինչպէս սահմանուած էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ կողմէ` 22 Փետրուար 1996-ին հրատարակուած «Universi Dominici Gregis» առաքելական սահմանադրութեան 33րդ յօդուածին մէջ, իր Գերագոյն իշխանութիւնը կիրարկելով, բացառեց այդ օրէնսդրական դրոյթը, որով առաւելագոյն թիւը գերազանցող բոլոր կարդինալները, համաձայն նոյն սահմանադրութեան 36րդ յօդուածին, իւրացուցին Հռոմի Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքը իրենց Կարդինալ ստեղծումէն ու հրապարակումէն ետքը։
Ինչ կը վերաբերի Վսեմաշուք Կարդինալ Ճովաննի Անճելօ Պեչչույի Կարդինալական միաբանական ժողովը նկատի առնելով որ, Ան իր սրտին ունենալով Եկեղեցւոյ բարօրութիւնը, ինչպէս նաև ուզելով նպաստել Քոնքլավի հաղորդութեան և անդորրութեան, հաղորդեց կամքը չմասնակցելու Քոնքլավին։ Այս ուղղութեամբ Կարդինալներու Միաբանական Ժողովը իր գնահատանքը կ՛արտայայտէ անոր այս արարքին համար եւ կը մաղթէ` որ իրաւասու դատական մարմինները կարողանան վերջնականապէս պարզել փաստերը։
Աղօթքի խնդրանք
Կարդինալներու համահաւաք դասը ապա, այլ յայտարարութաեմբ, Աստուծոյ ժողովուրդը հրաւիրեց այս ժամանակահատուածը ապրելու որպէս շնորհքի ու հոգեւոր զատորոշումի պահ մը, ունկնդրելով Աստուծոյ կամքին ձայնը, անոնցմէ խնդրելով որ իրենց ընկերանան աղօթքով, որ Եկեղեցւոյ իսկական ուժն է եւ կը խթանէ Քրիստսի Մարմնի անդամներու միութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ