Կարդինալական պաընտիր նախապատրաստական եօթներորդ միաբանական ժողովը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի 30 ապրիլին Վատիկանի Սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Կարդինալներու պապընտիր ժողովի նախապատրաստական միաբանական եօթներորդ ժողովը որ սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը 9-ին մասնակցութեամբ 180 կարդինալներու որոնցմէ 124-ը Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ։
Ժողովին ընթացքին շօշափուեցան զանազան նիւթեր` որոնց շարքին Սուրբ Աթոռի տնտեսական ու ֆինանսական իրավիճակը, որուն մասին զեկուցեցին Կարդինալներ` Ռէյնարտ Մարքսը, Քեվին Ժոզէֆ Ֆարրել, Քրիստոֆ Շոնպորն, Ֆերնանտօ Վերկէզ Ալծական ու Քոնրատ Քրայեւսքին։
Առաջինը Կարդինալ Մարքսը` որ Տնտեսութեան Խորհուրդի համադրողն է, ներկայացուց հարցերը ու մարտահրաւէրները` որոնց դիմաց կանգնած է Սուրբ Աթոռը ու առաջարկներ կայունութեան տեսանկիւնէն, այս ուղղութեամբ ընդգծելով այն հանգամանքը` որ տնտեսական կառոյցները պէտք է շարունակեն աջակցիլ Քահանայապետութեան բարեփոխումներուն։ Կարդինալ Շոնպորնը միջամտեց` որպէս IOR-ի, Վատիկանի դրամատան վերահսկիչ յանձնաժողովի նախագահ իսկ Կարդինալ Վէրկէզ Ալծական ժողովականներուն հետ կիսեց Վատիկանի Նահանգապետարանի մէջ տիրող իրավիճակի վերաբերեալ մանրամասնութիւններ՝ նշելով վերանորոգման աշխատանքները, մինչ կարդինալ Քրայեւսքին խօսեցաւ Բարեգործութեան Վերատեսչութեան գործունէութեան մասին։
Ժողովի երկրորդ նիստի ընթացքին կարդինալները վաւերացուցին առաւօտեան հրատարակուած հաղորդագրութիւնը ապա տեղի ունեցան 14 միջամտութիւններ որոնք կեդրոնացան Աստուծոյ Ժողովուրդի եկեղեցականութեան, սիւնհոդոսականութեան ու եպիսկոպոսական դասի միաբանութեան նիւթերու վրայ, յաղթահարելու համար Եկեղեցւոյ մէջ բեւեռացումներ ու ընկերութեան մէջ բաժանումները։ Խօսուեցաւ նաեւ քահանայական ու կրօնական կոչումներու նիւթին մասին ու յղումներ կատարուեցան Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովներու փաստաթուղթերուն։
Միաբանական ժողովը վերջ գտաւ 12.30, Ուրախ Լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքով։ Վաղը եւ կիրակի օր Կարդիլական միաբանական ժողովները տեղի չեն ունենար։
Վերահստատւոեցաւ որ երկու կարդինալկներ պիտի չկարողնանա մասնակցիլ Քոնքլաւին մինչ կը պասկին այլ ինը կարդինալներ որոնց մասին տակաւին տեղեկութիւններ չկայ։
Պատախանելով լրագորղներու հարցումներուն Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի հաստատեց` որ Սիքստինեան Մատրան մէջ չեն նախատեսուած թարգմանլիչներ ու նեաւ թէ նախապատրաստական Ժողովներու ընթացքին նախատեսուած են նաեւ երկար ընդմիջումներ թոյլ տալու որ կարդինալները կարողանան շփուիլ իրար միջեւ ու մտքեր փոխանակել։
Իսկ յառաջիկայ եօթը Մայիսին նախատեսուած «pro eligendo Pontifice» Քահանայապետի ընտրութեան համար պատարագի աւարտին կարդինալները պիտի փոխադուրին Սնաթա Մարթա մինչ այժմ անոնց կը գտնուին նաեւ Վատիկանէն դուրս իրենց վերապահուած բնակարաններուն մէջ։ Այս առնչութեամբ նշուեցաւ նեաւ որ Սանթա մարթայի սենեակները կը պատրաստուին ու թէ Քահանայապետի յարկաբաժնին դրուած կնիքները պիտի վերցուին միայն նոր Քահանայապետի ընտրութենէն ետքը ու թէ այդ յարկաբաժինը պիտի մնայ նոր Քահանայապետի տրամադրութեան տակ։
Ճեպազրոցյի ընթացիքն խօսուեցաւ նեաւ Սարայեւոյի Կարդինալ ՔՎինքօ Փուլիչի մասին որ հակառակ որ ծանր հիւանդ է, բժիշկները անոր արտօնութիւն տուած են մասնակցելու Քոնքլավին ու հաւանական է որ Ան քուէարկուիւնները կատարէ Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ,
Քոնքլավի ընթացքին նաատեսուած քուէրակութիւնները օրական չորս պիտի ըլլան երկուքը առաւօտեան երկուքը կէսօրէն վերջը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ