Կարդինալներու միաբանական երրորդ ժողովը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հինգշաբթի` 24 ապրիլին տեղի ունեցաւ Թափուր Աթոռի շրջանին նախատեսուած Կարդինալական Դասի միաբանական պապընտիր նախապատրաստական երրորդ ժողովը` որ սկիզբ առաւ ժամը ինին ու աւարտեցաւ ժամը 12 կէս ժամուայ ընդհատումով։ Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի լրագրողներուն հետ ունեցած ճեպազրոյցի մը ընթացքին։
Ժողովին մասնակցեցան 113 կարդինալներ եւ նոր ժամանած կարդինալները իրենց երդումը կատարեցին ըստ Universi Dominici Gregis առաքելական սահմանադրութեան։ Ժողովի ընթացքին տեղի ունեցան 34 ելոյթներ, ապա նշանակուեցան երկու եկեղեցականները, որոնք ըստ Universi Dominici Gregis առաքելական սահմանադրութեան քարոզներ պիտի ներկայացնեն Կարդինալական Ժողովին, առաջինը Սուրբ Պօղոսի Աբբահայր Տոնաթօ Օլճարին է իսկ երկրորդը` Կարդինալ Ռանիերօ Քանթալամեսսան, Քահանայապետական տան երբեմնի քարոզիչը։
Նիստի ընթացքին ընթերցումը կատարուեցաւ նաեւ Universi Dominici Gregis սահմանադրութեան մէկն մինչեւ 23 հատուածներուն ապ սկիզբ առին Եկեղեցւոյ ու աշխարհի մասին զրոյցները որոնց միջոցաւ Կարդինալական Դասը կը բացայայտէ Եկեղեցւոյ այսօր դիմագրաւած մարտահրաւէրները ու ուղեցոյց մը կը ներկայացնէ յաջորդ Քահանայապետին համար։
«Կարդինալներու Միաբանական չորրորդ ժողովը տեղի կ՛ունենայ վաղը առաւօտեան ժամը ինին» յայտնեց միշտ Մաթթէօ Պրունին աւելցնելով որ ուխտաւորներու թիւը ժամէ ժամ կը բարձրանայ ու մինչեւ այսօրուայ ժամը մէկը անոնց թիւը հասաւ 61 հազարի։
Ան յայտնեց նաեւ որ Ֆրանչիսկոս Պապին թաղման արարողութիւնը որ պիտի կատարուի Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ, պիտի ունենայ «առանձնական» եւ ոչ հանրային բնոյթ, եւ թէ սկսեալ Կիրակի 27 ապրիլէն կարելի պիտի ըլլայ այցելել Ֆրանչիսկոս Պապին շիրիմը`
Մինչ այդ կը շարունակուին Ֆրանչիկսոս Պապին նուիրուած Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարի տարածքին Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքները` որոնք տեղի կ՛ունենան երեկոյեան ժամը ինին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ