Որոնել

MYANMAR-THAILAND-EARTHQUAKE

Ֆրանչիսկոս Պապը դրամական աջակցութիւն կը յատկացնէ Միանմարի ժողովուրդին

Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան Վերարտեսուչթեան ու Առաքելական Ողորմաբաշխութեան գրասենեակի միջոցաւ Սրբազան Պապը յատուկ դրամական գումար մը յատկացուցած եւ ուղարկած է Միանմար ի նպաստ երկրաշարժէն տուժած բնակութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Միանմարի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժէն յետոյ, որ պատճառեց հազարաւոր մահեր, վիրաւորներ, տեղահանուածներ և նիւթական մեծ վնասներ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութեան և Բարեգործութեան Ծառայութեան Վերատեսուչութիւններու միջոցաւ ուզեց առատաձեռն ներդրում մը ուղարկել բնակչութեան, դիմագրաւելու համար այս շտապ օգնութեան ու տագնապի փուլը:

«Դրամական այս օգնութիւնը նպատակ ունի արտայայտել Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը Միանմարի եղբայրներու և քոյրերուն  և կ՛աւելնայ այն հսկայական օգնութեան, որ կը հասնի համայն աշխարհի եկեղեցիներէն, նաև կրօնական միաբանութիւններու և կաթողիկէ կազմակերպութիւններու միջոցաւ» նշուած է այս առիթով հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ:

Նուիրատուութիւններուն կ՜ընկերանայ նաեւ աղօթքի միջոցաւ մշտական​​ յիշումը, և Եկեղեցւոյ Մայր` Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ բարեխօսութեան աղերսը յատկապէս այս ժամանակաշրջանին, որը մեզ աւելիով կը մօտեցնէ Սուրբ Զատիկին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2025, 08:00