Վերջին հրաժեշտ Ֆրանչիսկոս Պապին. «Մի մոռնաք աղօթելու ինծի համար»
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ` 26 Ապրիլին Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ տեղի ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, ի ներկայութեան աշխարհի տարբեր երկիրներու պետական ներկայացուցիչներուն ու քրիստոնեայ տարբեր համայնքապետերուն եւ ներկայացուցիչներուն ինչպէս նաեւ ալ կրօնները ներկայացնող պատուիրակութիւններու անդամներուն։
Արարողութիւնը սկսաւ թափօրով, որ սկիզբ առաւ Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի կեդրոնական խորանէն, որտեղէն Քահանայապետական 14 aթոռակիրներ Ֆրանչիսկոս Պապին դագաղը փոխադրեցին հրապարակ, զայն զետեղելով կեդրոնական Խորանի ոտքին, մինչ հրապարակին վրայ ու անոր կողքին գտնուող պողոտաներու վրայ համախմբուած 250 հազարէ աւելի հաւատացեալները մեծ ծափահարութեամբ ողջունեցին զայն։
Արդարեւ Սուրբ Պետրոս հրապարակը անբաւարար ըլլալով ընդունիլ բոլոր ուխտաւորները, մեծ պաստառներ զետեղուած էին նաեւ «Վիա Տէլլա Քոնչիլիացիոցնէ» պողոտային վրայ, ինչպէս նաեւ քաղաքի այլ վայրերու մէջ, ինչպէս Մարիա Մաճճորէ տաճարին մօտ, ուր աւելի ուշ կը փոխադրուին Սրբազան Պապին աճիւնները ու զետեղուին այդ տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին կամքով պատրաստուած շիրիմին մէջ, հակառակ` որ ըստ աւանդութեան Քահանայապետերը կը թաղուին Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի մօտ, ինչպէս եղաւ վերջին Քահանայապետերու պարագային։
«Մի մոռնաք աղօթելու ինծի համար» այս եղած էր Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութեան առաջին օրուայ խնդրանքը, որ ան շարունակեց կրկնել գրեթէ ամէն օր, մինչեւ իր կեանքի վերջին օրերը ու ահա ճիշտ այս խնդրանքին համապատասխանելով է, որ այսօր անոր ժողովուրդը, համախմբուած էր անոր շուրջ, եկած աշխարհի տարբեր երկիրներէն, վերջին հրաժեշտը տալու, վերջին աղօթքը մատուցելու, ու սէր արտայայտելու Քահանայապետի մը` որ եղաւ վերջիններուն, լուսանցքայիններուն, խաղաղութեան, բարեկամութեան ու եղբայրութեան Քահանայապետը։
Սուրբ Զոհը եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը գլխաւորեց Կարդինալական Դասի աւագերէցը` Կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Ռէ։
Դագաղին վրայ դրուեցաւ Աւետարանը, մինչ կարդինալական դասը, պատրիարքներն ու համապատարագիչները մուտք գործեցին հրապարակ։
Կարդինալ Ռէյի հետ համապատարագեցին գրեթէ 220 Կարդինալներ, 750 եպիսկոպոսներ ու քահանաներ, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Պատրիարքները, որոնց շարքին էր Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, առընթերակայութեամբ Կարդինալ Պալտասսարէ Ռէյնայի, Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոսը եւ Գերերջանիկ ԵուսէՖ Ապսիի` Անտիոքի Յոյն Մելքիդ Եկեղեցւոյ Պատրիարք։
Սուրբ Զոհի ընթացքին սուրբ գրային ընթերցումներէն յետոյ Կարդինալ Ռէն ներկայացուց յաւուր պատշաճի քարոզը մեկնաբանելով օրուան Աւետարանը որուն մէջ Յիսուս հարց կու տայ Պետրոսին. Պետրոս կը սիրե՞ս զիս ասոնցմէ աւելի, եւ Պետրոսի դրական պատասխանին վրայ Յիսուս Անոր կը յանձնարարէ արածել ոչխարները, ինչպէս ըրաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը, ըսաւ ի միջի այլոց Կարդինալ Ռէն։
Սուրբ Զոհի աւարտին տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութեան կարգը` որուն ընթացքին, յանուն Հռոմի թեմին, որ եղած է Քահանայապետին թեմը, աղերսական աղօթք արտասանեց Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոսը, Կարդինալ Պալտօ Ռէյնան, ապա նոյնը կատարեցին Արեւելեան Եկեղեցիներու Պատրիարքները, որուն միջոցաւ Աստուծմէ հայցեցին, որ իր ծառայ Ֆրանչիսկոսին պարգեւէ յաւիտենական հանգիստ ու զայն առաջնորդէ դէպի սուրբերու հանգստեան վայր։ Անոնք ապա Սուրբ Կոյս Մարիամէն հայցեցինք որ բարեխօսէ անոր հոգւոյն փրկութեան համար։
Արարողութեան աւարտին Կարդինալ Ռէն օրհնեալ ջուրով ու խունկով օրհնեց դագաղը, ապա Աստուծոյ անհուն ողորմութեան յանձնեց Ֆրանչիսկոս Պապը` Սուրբ Պետրոսի յաջորդը ու Եկեղեցւոյ Հովիւը, խնդրելով նաեւ որ Ան հաւատքի մխիթարութիւն եւ յոյսի զօրութիւն շնորհէ իր Հովիւէն զրկուած Եկեղեցւոյ։
Սուրբ զոհի աւարտին դագաղը թափօրով փոխադրուեցաւ նախ Սուրբ Պետրոս տաճար ապա Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ